2009-04-27 13:01:53

Հայոց ցեղասպանութեան 94-ամեակին ոգեկոչում`

Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստի խօսքը Հայոց ցեղասպանութեան 94-ամեակին։


Հայոց ցեղասպանութեան 94-ամեակին ոգեկոչում`

Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստի խօսքը Հայոց ցեղասպանութեան 94-ամեակին։

Այսօր կը խոնարհինք յիշատակին առջեւ 1.5 միլիոն մեր նահատակներուն, որոնք զոհ գացին անցած դարու առաջին ցեղասպանութեան՝ որոշումով եւ գործադրութեամբ թուրք կառավարութեան։

Այսօր կու գանք հոգիով ծնրադրելու յիշատակին առջեւ այն մարդոց, որոնք գարնանային օր մը յանկարծակիօրէն դուրս քշուեցան իրենց տուներէն, դուրս բերուեցան իրենց հազարամեայ շէներէն ու քաղաքներէն, տարուեցան մութ եւ թշնամական ճամբաներոով, կողոպտուեցան, կոտորակուեցան եւ կոտորուեցան այդ ճամբաներուն վրայ ու հասան անապատ՝ որպէսզի այնտեղ հոգի աւանդեն սովի ու հիւանդութեան ճիրաններուն մէջ։

Մենք կը խօսինք հայրերու եւ մայրերու մասին՝ տուն ստեղծող եւ տուն պահող արդա՛ր մարդոց մասին, որոնք կանչուած էին երիտասարդ աւիւնով բարիք ստեղծելու իրենց զաւակներուն ու շրջապատին համար։

Մենք կը խօսինք մատղաշ մանուկներու մասին, որոնք պիտի մեծնային օրհնութեամբը իրենց մեծերուն, օգնութեամբը ծնողներուն, լոյսո՛վ եւ կրթութեա՛մբ, որպէսզի դառնան յոյս-ապաւէն երկրին ու ազգին։

Եւ ահաւասիկ 94 տարիներ ետք այդ օրերէն, մենք՝ ժառանգներս խաչուած հայութեան՝ կը ներկայանանք տէր ու պաշտպան անոնց դատին եւ կտակին։

Ցեղասպանութիւնը վէ՛րք մըն է մեր հոգիին մէջ, բայց անիկա նաեւ վէրք է ամբողջ մարդկային խղճմտանքին մէջ։ Այդ վէրքը կը բուժուի ճանաչումով եւ հատուցումով։ Հետեւաբար. մենք կոչ կ'ուղղենք աշխարհի բոլոր պետութիւններուն, միջազգային, շրջանային ու տեղական կազմակերպութիւններուն եւ պետական, հանրային եւ մշակութային գործիչներուն, որ տէր կանգնին հայկական ցեղասպանութեան դատին՝ ինչպէս տէր պիտի կանգնէին ամբողջ աշխարհի ապագան յուզող որեւէ այլ հարցի։ Որովհետեւ, ըստ էութեան, հայկական ցեղասպանութեան դատը շատոնց է, որ դուրս եկած է պատմական իր նեղ պարունակէն եւ շատոնց է, որ վերածուած է ամբողջ մարդկութեան ներկային ու ապագային առընչուած խնդրի։

Ցեղասպանութեան յաղթահարման մարտահրաւէրը միշտ այժմէական է հայկական Սփիւռքին համար, որ ինքնին արդիւնքն է անոր։

Այդ մարտահրաւէրին ընդառաջ, մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ յանուն մեր լեզուի գոյութեան, յանուն մեր մշակոյթի պահպանման, յանուն մեր լեզուի եւ մշակոյթի հաստատութիւններու զարգացման։

Հետեւաբար, մեծ է բոլորիս պատասխանատուութիւնը տէր կանգնելու տարագիր մեր հայրերու ստեղծած աւանդին եւ ստեղծուածին վրայ նորը աւելցնելով՝ շքեղացնել տունը ամբողջ ազգին։

Այդ արշաւին մենք ըլլանք ձեռք-ձեռքի, միակամ ու միասնական, խանդավառ եւ ուժական։

Թող մեր ամէն մէկ բառը աղօթք ըլլայ ի յիշատակ մեր զոհերուն, եւ գովք ըլլայ հայութեան ներկան ու ապագան կերտող նուիրեալներուն։

Թող մեր ամէն մէկ գործը յուշարձան ըլլայ մեր զոհերուն, ու քայլ մը եւս մեզ մօտեցնէ մեր երազներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.